2009-02-16 13:44:45

Քահանայապետական անուանում` Նորին Սրբութիւնը կը նշանակէ յառաջիկայ Ափրիկէի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի պատասխանատուները` երեք կարտինալներ կը նախագահեն սիւնոդոսը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշնակեց Ափրիկէի յատուկ սիւնոդոսի գլխաւոր պատասխանատուները. կարտինալ ֆրանսիս Առինձէ` վաստակաւոր կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի եւ Ս. խորհուրդներու մատակարարման, կարտինալ Թէոտոր Ատրիեան Սառ՝ Տաքար թեմի առաջնորդը եւ կարտինալ Նափիէ՝ Տիւրպան թեմի առաջնորդը։ Իսկ Ղանայի կարտինալ Թիւրքսոն՝ նշանակուեցաւ ընդհանուր տեղեկատու։ Իսկ որպէս սիւնոդոսի քարտուղար Սրբազան Հայրը նշանակեց գերապայծառ Անթոնիօ ֆրանքլան` Լուանտա թեմի առաջնորդը եւ գերապայծառ Տամիաօ Ճինդակար Սարա թեմի առաջննորդը։ Ինչպէս կ՛ուզէ աւանդութիւնը 4-25 Հոկտեմբեր 2009, ափրիկեան սիւնոդոսը պիտի գլխաւորէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եւ ունի որպէս նշանաբան. Ափրիկէի Եկեղեցին ի սպաս հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Ափրիկէ կատարելիք առաքելական այցելութեան ընթացքին Գամերուն եւ Անկոլա մարտ 17-23, Ափրիկէի Հայրերուն պիտի յանձնէ սիւնոդոսի թղթածրարը պատրաստուած սիւնոդոսական քարտուղարութենէն։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ՛ողջունէ Նիճերիոյ եպիսկոպոսներու յանձնառումը միջկրօնական երկխօսութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ընդունելով Նիճերիոյ եպիսկոպոսներու առաջին խումբը` 50 եպիսկոպոսներ, ողջունեց անոնց յանձնառումը միջկրօնական երկխօսութեան մէջ եւ քաջալերեց զանոնք պայքարելու ցեղային ընդհարումներու դէմ, որ ներկայ է նաեւ եկեղեցւոյ մէջ։ Նման աշխատանք մը կը պահանջէ համբերութիւն եւ յարատեւութիւն, յարգանքի, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան զօրաւոր կապերու մշակում։ Յայտնենք թէ Նիճերիան կազմուած է 250 ցեղախումբերէ, անոր բնակչութեան 50 տոկոսը մահմետական է, քրիստոնեաները կը ներկայացնեն 40 տոկոսը։ Եկեղեցւոյ մէջ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, բաժանումի տեղ չկայ, Աստուծոյ վրայ վստահած շարունակեցէք բանեցնել ձեր հեղինակութիւնը պայքարելով անարդարութեան, կաշառքի, խտրականութեան եւ ոճրագործութեան դէմ եւ մասնաւորապէս պաշտպանելով ու բարւոքելով կնոջ կացութիւնը։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց քահանայական կոչումներու հարցը, եպիսկոպոսներէն խնդրելով՝ որ պատրաստուին քահանայութեան թեկնածուները, եւ յատուկ ոյժ տան ծիսական կազմաւորումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.